Մեր կյանքի ճամփան ու գործի նպատակը ազգին, եկեղեցուն ու հայրենիքին ծառայելն է․ Արամ Ա Վեհափառ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա, վեհափառ Հայրապետը նախագահել է վանաբնակ միաբանների հավաքին, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ եկեղեցական արարողութիւններու կանոնաւոր կատարման, վանական ներքին ժամանակացոյցին հետեւելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գրասենեակներու ու բաժանմունքներու աշխատանքները աւելի համադրելու կարեւորութեան:
Ան յայտնեց, որ կարգ մը միաբաններ համալսարանական ուսման կը հետեւին՝ Մեր քաջալերանքով, սակայն ուսումը պէտք չէ իր ժխտական հետեւանքը ունենայ վանական ներքին կեանքի ու աշխատանքի կանոնաւոր ընթացքին:
Հայրապետը նաեւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Կաթողիկոսարանի արտաքին յարաբերութեանց յատկանշական երեսներուն: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ կարգ մը միաբաններ թեմական ծառայութենէն վերադարձած են, իսկ ուրիշներ պիտի մեկնին։
Այս առիթով Վեհափառ Կաթողիկոսը յիշեց, որ յառաջիկայ օրերուն հովուապետական այցելութեամբ պիտի մեկնի Գանատա ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ բոլոր պայմաններուն մէջ մեր կեանքի ճամբան ու գործին նպատակը ազգին, եկեղեցւոյ ու Հայրենիքին ծառայելն է»:
